2009-02-10 14:30:55

Քրիստոնէականի ուսուցում` Ծիսակատարումը Եկեղեցւոյ մէջ

Ծիսական զանազան աւանդութիւնները


Քրիստոնէականի ուսուցում` Ծիսակատարումը Եկեղեցւոյ մէջ

Ծիսական զանազան աւանդութիւնները



247-Ինչո՞ւ Եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոսի մէկ ու միակ Խորհուրդը ծիսական զանազան աւանդութիւններով կը հանդիսակատարուի։

Որովհետեւ Քրիստոսի Խորհուրդին անզննելի ճոխութիւնը չի սպառիր մէկ ծիսական աւանդութեան մը կատարումով։ Այս ճոխութիւնը, սկիզբէն իսկ, տարբեր ժողովուրդներու եւ տարբեր մշակոյթներու մօտ՝ գտած է արտայայտութեան ա՛յնպիսի ձեւեր, որոնք կը բնորոշուին իրենց սքանչելի բազմազանութեամբ եւ իրենց լրացուցչական հանամանքով։



248-Ո՞րն է այս բազմազանութիւնը միաւորող չափանիշը։

Սոյն չափանիշը՝ Առաքելական Աւանդութեան հետ անոնց հարազատութիւնն է, այսինքն Առաքեալներէն ընդունուած հաւատքին եւ սուրբ Խորհուրդներուն հետ անոնց կապակցութիւնն է, նշուած եւ երաշխաւորուած առաքելական յաջորդութեան կողմէ։ Եկեղեցին կաթողիկէ է, հետեւաբար կրնայ զանազան մշակոյթներու հարազատ հարստութիւնները իր միութեան մէջ համարկել։



249-Ծիսակատարումին ամէն մէկ մասը անփոփոխելի՞ է։

Ծիսակատարումին մէջ եւ յատկապէս սուրբ Խորհուրդնեrուն ծիսակատարումի պարագային՝ անփոփոխելի տարրեր կան, քանի որ անոնք աստուածային կարգաւորումէ յառաջ եկած են, որոնց հաւատարիմ պահապանը Եկեղեցին է։ Կան նաեւ փոփոխութեան ենթարկելի տարրեր, զորս Եկեղեցին կրնայ եւ պարտի զանազան ժողովուրդներու մշակոյթին յարմարցնել ։



Յաջորդ մեր զրոյցը Եկեղեցւոյ 7 խորհուրդներու մասին պիտի ըլլայ։

Նախ պիտի խօսինք ընդհանուր առմամբ խորհուրդներու մասին, յետոյ մի առ մի պիտի խօսինք իւրաքանչիւր խորհուրդի մասին.

7 խորհուրդներն են. Մկրտութիւնը, Դրոշմը, Խոստովանանքը, Հաղորդութիւնը, Ամուսնութիւնը, Քահանայական կարգը եւ Հիւանդաց Օծումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.